Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա Լիկա»-ի 10-րդ հանգրուանի մրցումները:
Երկրին գործող ախոյեանը` Ռէալ Մատրիտ, որ հիւրը եղաւ Վիարէալին, արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Մրցումին երկրորդ վայրկեանին, հիւր կազմը ինք եղաւ մրցումին հաշիւը բացողը` շնորհիւ Մարիանօ Տիասի: Սակայն հիւրընկալ կազմը 76-րդ վայրկեանին նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը` շնորհիւ Ժերար Մորենոյի (փենալթիով):
Սակայն շաբթուան գագաթի ճակատումը աւարտեցաւ Աթլեթիքօ Մատրիտի յաղթանակով: Ան 1-0 արդիւնքով յաղթեց երկրին փոխախոյեանին` Պարսելոնային:
Ա. կիսախաղին կորսուած վայրկեաններուն (45+3-րդ), Եաննիք Քարասքօ նշանակեց մրցումին միակ կոլը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Աթլեթիքօ, որ ունեցաւ 20 կէտ, բարձրացաւ երկրորդ դիրք: Անիկա կատարած է ութ մրցում:
Ռէալ Մատրիտ (4-րդ), որ կատարած է 9 մրցում, ունի 17 կէտ:
Իսկ Պարսելոնա (12-րդ), որ կատարած է 8 մրցում, ունի 11 կէտ:
Պարագլուխի դիրքը կը շարունակէ գրաւել Ռէալ Սոսիետատ, որ ունի 23 կէտ: