Երէկ կէսօրէ առաջ Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Պահրէյնի մայրաքաղաք Մանամա մեկնեցաւ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը, որ պիտի կատարէ երկու մրցում` Ասիոյ պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքին գծով:
Ուրբաթ, 27 նոյեմբերին, Լիբանան պիտի մրցի Հնդկաստանի դէմ, իսկ կիրակի, 29 նոյեմբերին` Իրաքի դէմ:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Ղազի Պուսթանի, խումբին մարզիչն է Ճօ Մուժահես, իսկ օգնական մարզիչը` Ժատ Հաժ:
Իսկ խումբին մարզիկներն են` Ուաէլ Արաքժի, Ալի Հայտար, Սերճիօ Տարուիշ, Քարիմ Զէյնուն, Ալի Մանսուր, Ալի Մըզհեր, Քարիմ Ազզէտտին, Ազիզ Ապտել Մասիհ, Ժորժ Պէյրութի, Էլի Ռըսթոմ, Նատիմ Սուէյտ եւ Աթեր Մաճոք: