Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Գեղամ Կադիմեան, որ մաս կը կազմէ Նեման Կրոտնոյի (Պիելոռուսիա), նախորդ շաբաթավերջին կերտեց իր կազմին յաղթանակը, երբ Սլուցքի դէմ արձանագրուած յաղթանակին նշանակեց մրցումին միակ կոլը` 29-րդ վայրկեանին:
Իր նշանակած այս կոլէն ետք, ան մօտենալով «թրիպիւն», իր նշանակած այդ կոլը հայկական եռագոյնով տօնեց հայ համակիրներուն հետ:
Նշենք, որ այսպիսով ան ընթացիկ ախոյեանութեան նշանակած եղաւ իր 12-րդ կոլը:
Պիելոռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 29-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ անոր կազմը 53 կէտով կը գրաւէ երրորդ դիրքը:
Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի ՊԱԹԷ Պորիսով, որ ապահոված է 57 կէտ:



