Իտալական Ա. Էս. Ռոմայի պոսնիացի յառաջապահ Էտին Ծեքօ ապաքինած է «Քորոնա» ժահրէն, այս մասին յայտարարեց նոյնինքն 34 տարեկան ֆութպոլիստը:
«Վերջապէս քննութեան պատասխանը եղաւ ժխտական: Անհամբեր կը սպասեմ միանալու խմբակիցներուս եւ անոնց հետ վերսկսելու փորձերուն: Ամէն գնով կը փափաքիմ օգտակար դառնալ ակումբիս եւ անոր հետ արձանագրել յաջորդական յաղթանակներ», ըսաւ Ծեքօ:
Նշենք, որ ան «Քալչիօ»-ի ընթացիկ տարեշրջանին իր կազմին հետ ցարդ կատարեց 7 մրցում` նշանակելով 3 կոլ: