Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ իտալական Ա.Էս.Ռոմայի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան նախորդ շաբաթավերջին իր ակումբին հետ տուպլէ մը իրագործեց:
Արդարեւ, Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, անոր կազմը 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Փարմայի դէմ:
Մխիթարեան իր կոլերը նշանակեց 32-րդ եւ 41-րդ վայրկեաններուն:
Մրցումէն ետք Մխիթարեան յայտարարեց, որ իր նշանակած այդ երկու կոլերը կը նուիրէ հայ հերոսներուն:
Նշենք, որ ան կոլի հեղինակ կը դառնայ յաջորդաբար երրորդ մրցումն ըլլալով:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Ա. Էս.Ռոմա այժմ 17 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման երրորդ դիրքը:
Երկրին գործող ախոյեանը` Եուվենթուս, որ հիւրընկալեց Քալիարին, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմին այս յաղթանակը կերտեց փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ տուպլէ մը իրագործեց (38-րդ եւ 42-րդ):
Անոր կազմը այժմ 16 կէտով կը գրաւէ չորրորդ դիրքը:
Իր կազմին` Ինթեր Միլանի հետ, իր կարգին տուպլէ մը իրագործեց Ռոմելու Լուքաքու (67-րդ եւ 84-րդ` փենալթիով), Թորինոյի դէմ արձանագրուած յաղթանակին ընթացքին:
Իր կարգին, յաղթանակ արձանագրեց նաեւ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Միլանօ քաղաքի երկրորդ կազմը` Ա. Սէ. Միլան, 3-1 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Նափոլիի դաշտէն:
Շուէտացի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ իր կարգին տուպլէ մը իրագործեց (20-րդ եւ 54-րդ):
Այժմ անոր կազմը իր տրամադրութեան տակ ունի 20 կէտ: