Իտալական Ա. Սէ. Միլանի մաս կազմող շուետացի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ ֆութպոլի դաշտերը պիտի վերադառնայ ամիս մը ետք, այս մասին յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշենք, որ 39 տարեկան ֆութպոլիստը նախորդ շաբաթավերջին մկանային վնասուածք ստացաւ:
Ան ընդամէնը պիտի բացակայի շուրջ վեց մրցումներէ, որոնք պիտի ըլլան Իտալիոյ ախոյեանութեան եւ «Եուրոփա լիկ»-ի ճակատումներ: