Մարզական

Եուրի Ճորքայէֆ` Ֆրանսայէն Հայաստան  Հասած Պատուիրակութեան Մէջ

Եուրի Ճորքայէֆ` Ֆրանսայէն Հայաստան Հասած Պատուիրակութեան Մէջ

Հայրենի լրատու գործակալութիւններէն կը տեղեկանանք, որ Երեւան հասած է Ֆրանսայի կառավարութեան կողմէ արցախահայութեան տրամադրուած մարդասիրական օժանդակութեան երկրորդ օդանաւը, որուն մէջ կան 35 թոն բժշկական տարբեր տեսակի դեղեր եւ անմիջական բուժման տարբեր տեսակի իրեր: Պատուիրակութիւնը Հայաստան կ՛այցելէ Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղար Ժան-Պաթիսթ Լըմուանի գլխաւորութեամբ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէ նաեւ Հայաստանի համար բարի կամեցողութեան դեսպան Եուրի Ճորքայէֆ: Հայաստան...

Ճատրակ.  Կարէն Գրիգորեան Տիտղոսակիր` Սպանական  Միջազգային Մրցաշարքին

Ճատրակ. Կարէն Գրիգորեան Տիտղոսակիր` Սպանական Միջազգային Մրցաշարքին

Հայաստանը ներկայացնող կրանտմասթըր Կարէն Գրիգորեան յաջող մասնակցութիւն ունեցաւ սպանական միջազգային մրցաշարքին: Ան առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովելով 5,5 կէտ, լրացուցիչ կէտերով գրաւեց առաջին դիրքը եւ դարձաւ տիտղոսակիր: Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Արժանթինի եւ Զուիցերիոյ ներկայացուցիչները, որոնք ապահովեցին նոյնքան կէտ: Նշենք, որ Գրիգորեան պարտութիւն կրեց միայն առաջին հանգրուանին: «Պարպերա Տել Վալլես» միջազգային այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 10...

Կարէն Նալբանդեան Նշանակուեցաւ Շախտիոր  Տոնեցք-Ռէալ Մատրիտ Մրցումի Իրաւարարներու Հսկիչ

Կարէն Նալբանդեան Նշանակուեցաւ Շախտիոր Տոնեցք-Ռէալ Մատրիտ Մրցումի Իրաւարարներու Հսկիչ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ներկայացուցիչ Կարէն Նալբանդեան նշանակուեցաւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի մրցումի իրաւարարներու հսկիչ: Վաղը` երեքշաբթի, տեղի պիտի ունենայ ուքրանական Շախտիոր Տոնեցքի եւ սպանական Ռէալ Մատրիտի ճակատումը: Այս մրցումը պիտի կատարուի խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող Բ. խմբակի մրցումներու 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 19:55-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):    

«Լա Լիկա». Պարսելոնա Յաղթեց, Ռէալ Մատրիտ Պարտուեցաւ. Վալենսիա-Աթլեթիքօ Մատրիտ` 0-1

«Լա Լիկա». Պարսելոնա Յաղթեց, Ռէալ Մատրիտ Պարտուեցաւ. Վալենսիա-Աթլեթիքօ Մատրիտ` 0-1

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա Լիկա»-ի 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Ռէալ Մատրիտ, կրեց անակնկալ պարտութիւն մը իր հիւրէն` Ալաւեսէն, 2-1 արդիւնքով: Ռէալի ուշացած կոլը նշանակեց Քազեմիրօ, 86-րդ վայրկեանին: Նշենք, որ այս պարտութիւնը մայրաքաղաքի կազմին համար եղաւ տարեշրջանի երրորդը: Աթլեթիքօ Մատրիտ, որ Վալենսիայի դաշտին վրայ արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, ցարդ կը հանդիսանայ միակ խումբը, որ...

«Փրեմիեր Լիկ».  Լիվըրփուլ Չկրցաւ Յաղթել Պրայթընին

«Փրեմիեր Լիկ». Լիվըրփուլ Չկրցաւ Յաղթել Պրայթընին

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր Լիկ»-ի 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Լիվըրփուլ, չկրցաւ յաղթական վերադառնալ Պրայթընի դաշտէն, ուր արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Տիեկօ Ժոթթա նշանակեց Լիվըրփուլի կոլը (60-րդ), մինչ մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+3-րդ), Պրայթըն փենալթիով նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը: Մանչեսթըր Սիթի բաւական մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց Պըրնլիի դէմ` 5-0 արդիւնքով: Ալճերիացի յառաջապահ` Ռիատ Մահրեզ դարձաւ հեթրիքի հեղինակ` իր կոլերը...

«Քալչիօ».  Ա. Սէ. Միլան Ամրապնդեց  Պարագլուխի Իր Դիրքը

«Քալչիօ». Ա. Սէ. Միլան Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ա. Սէ. Միլան ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը, երբ յաջողեցաւ ապահովել տարեշրջանի իր 23-րդ կէտը` 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք իր հիւրին` Ֆիորենթինային: Յաղթական կազմը իր կոլերը նշանակեց 17-րդ եւ 27-րդ (փենալթիով) վայրկեաններուն: Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Միլանօ քաղաքի երկրորդ խումբը` Ինթեր Միլան, Սասուոլոյի դաշտին վրայ, 3-0 արդիւնքով: Ալեքսիս Սանչես նշանակեց Ինթերի առաջին կոլը (4-րդ): Սակայն...

«Լիկ 1»-ի Խումբերը Իւրայատուկ Ոճով  Յարգեցին Մարատոնայի Յիշատակը

«Լիկ 1»-ի Խումբերը Իւրայատուկ Ոճով Յարգեցին Մարատոնայի Յիշատակը

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ 1»-ի 12-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ տեղի ունեցած Ռենն-Սթրազպուրկ մրցումին ազդանշանը տրուելէն առաջ, երկու կազմերուն ֆութպոլիստները, ինչպէս նաեւ օրուան իրաւարարները, իւրայատուկ ձեւով յարգեցին արժանթինցի անուանի ֆութպոլիստ Տիեկօ Մարատոնայի մահուան յիշատակը: Անոնք դաշտին կեդրոնը շարուեցան` «M» տառի ձեւը ներկայացնելով: Նշենք, որ Մարատոնա մահացաւ նախորդ 25 նոյեմբերին, 60 տարեկան հասակին:

«Ֆորմիւլա-1». Հեմիլթըն Տիրացաւ Պահրէյնի Կրան Փրիին. Կրոժանի Ինքնաշարժը Կրակ Առաւ

«Ֆորմիւլա-1». Հեմիլթըն Տիրացաւ Պահրէյնի Կրան Փրիին. Կրոժանի Ինքնաշարժը Կրակ Առաւ

Երէկ` կիրակի, 29 նոյեմբերին տեղի ունեցած «Ֆորմիւլա-1»-ի 2020-ի աշխարհի ախոյեանութեան Պահրէյնի կրան փրին վերջ գտաւ «Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթընի յաղթանակով: Սակայն առաջին իսկ լեփին ֆրանսացի Ռոմեն Կրոժան, որ մաս կը կազմէ «Հաաս-Ֆեռար»-ի խումբին, ունեցաւ արկած մը, որուն պատճառով անոր ինքնաշարժը ամբողջութեամբ հրդեհ առաւ: Ըստ նախնական տեղեկութիւններու, ան ստացած է ձեռքերու թեթեւ այրուածք, սակայն անոր առողջական վիճակը բաւական կայուն է:...

Ասիոյ Պասքեթպոլի Բաժակի Մրցաշարք.  Լիբանանի Տղոց Պասքեթպոլի Ազգային Խումբին  Շռնդալից Յաղթանակը` Հնդկաստանի Դէմ,  55 Կէտի Տարբերութեամբ (115-60)

Ասիոյ Պասքեթպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Լիբանանի Տղոց Պասքեթպոլի Ազգային Խումբին Շռնդալից Յաղթանակը` Հնդկաստանի Դէմ, 55 Կէտի Տարբերութեամբ (115-60)

Երէկ կէսօրին, Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը, որ Մանամայի մէջ (Պահրէյն) կատարեց Ասիոյ բաժակի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն իր երրորդ մրցումը, արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը, երբ բաւական ծանր պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը` Հնդկաստանը, 55 կէտի տարբերութեամբ` 115-60 արդիւնքով: Այս շռնդալից յաղթանակին քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 24-14, 55-32, 85-45, 115-60: Նշենք, որ իր կատարած նախորդ երկու մրցումներուն, մայրիներու կազմը իր յաղթանակները...

ՖԻՖԱ.  Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը  Երկու Դիրքի Ոստում Մը Արձանագրեց

ՖԻՖԱ. Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Երկու Դիրքի Ոստում Մը Արձանագրեց

Երէկ` ուրբաթ, 27 նոյեմբերին ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն միջազգային նոր դասաւորումը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ նախորդ ամսուան դասաւորման մէջ կը գրաւէր 101-րդ դիրքը, 2 դիրքի ոստում արձանագրելով այժմ կը գրաւէ 99-րդ դիրքը: Պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ Պելճիքա, մինչ անոր ետին կը գտնուին յաջորդաբար  Ֆրանսա, Պրազիլ, Անգլիա եւ Փորթուգալ:

Էներժի Իր Զօրակցութիւնը Կը Յայտնէ  Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնին

Էներժի Իր Զօրակցութիւնը Կը Յայտնէ Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնին

Լիբանանեան Էներժի Քլապ պասքեթպոլի ակադեմիան իր զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին` յառաջիկային տեղի ունենալիք պասքեթպոլի նախագահական ընտրութիւններուն առնչութեամբ: Անիկա բարձր գնահատեց այժմու ֆետերասիոնի նախագահին եւ անոր բոլոր անդամներուն վերջին տարիներուն տարած բաւական ծանր աշխատանքը, որուն ընդմէջէն անոնք իրենց ամէն կարելին ի գործ կը դնեն բարձր պահելու համար Լիբանանի անունը միջազգային գետնի վրայ:

Եւրոպական Ֆութպոլի Շաբաթավերջը. Այսօր` Վալենսիա-Աթլեթիքօ Մատրիտ

Եւրոպական Ֆութպոլի Շաբաթավերջը. Այսօր` Վալենսիա-Աթլեթիքօ Մատրիտ

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ պիտի կատարուին շարք մը հետաքրքրական ճակատումներ: Անգլիոյ մէջ հետաքրքրական կը խոստանայ ըլլալ` Չելսի-Թոթենհամ լոնտոնեան տերպին: Սպանիոյ մէջ բաւական զօրաւոր ճակատումի մը ընթացքին իրարու դէմ պիտի մրցին Վալենսիա եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ: Իտալիոյ մէջ Ա. Էս. Ռոմա հիւրը պիտի ըլլայ Նափոլիին: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն ամբողջական յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով). ԱՆԳԼԻԱ (10-րդ հանգրուան)  ...

Ճատրակ.  Արոնեան Դուրս Մնաց  «Սքիլինկ Օփըն 2020»-ի Մրցաշարքէն

Ճատրակ. Արոնեան Դուրս Մնաց «Սքիլինկ Օփըն 2020»-ի Մրցաշարքէն

Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան դուրս մնաց ճատրակի «Սքիլինկ Օփըն 2020»  մրցաշարքի քառորդ աւարտականի հանգրուանէն: Արագ ճատրակի առցանց մրցաշարքի այս հանգրուանին, Արոնեանի մրցակիցն էր ռուս Եան Նեփոմնիաշի: Երկրորդ հանգրուանի բոլոր մրցումներուն ընդհանուր արդիւնքով, Արոնեան զիջեցաւ 5-2 արդիւնքով եւ լքեց հետագայ պայքարը: Նշենք, որ այս մրցաշարքը կազմակերպուած է աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնուս Քարլսընի կողմէ:  

Կարէն Խաչանով Վարակուած`  «Քորոնա» Ժահրով

Կարէն Խաչանով Վարակուած` «Քորոնա» Ժահրով

Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայ թենիսմեն Կարէն Խաչանով վարակուեցաւ «Քորոնա» ժահրով, այս մասին յայտնեց նոյնինքն Խաչանով: «Քանի մը օր առաջ հասայ Տուպայ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ)` հոն պատրաստուելու համար նոր տարեշրջանին: Բայց դժբախտաբար, ես, կինս եւ զաւակս «Քորոնա» ժահրի քննութեան դրական արդիւնք ստացանք: «Արդէն իսկ բոլորս ինքնամեկուսացած ենք, եւ յոյս ունիմ, որ շուտով ապաքինինք», ըսաւ Խաչանով: Նշենք, որ Խաչանով թենիսի...

Պարսելոնայի Մարզադաշտը Կրնայ  Վերանուանուիլ Լիոնել Մեսսիի Անունով

Պարսելոնայի Մարզադաշտը Կրնայ Վերանուանուիլ Լիոնել Մեսսիի Անունով

Քաթալոնական Պարսելոնայի նախագահի թեկնածու Էմիլի Ռուսսօ յայտարարեց, որ նախագահ ընտրուելու պարագային, մտադիր է ակումբին մարզադաշտը անուանակոչել Լիոնել Մեսսիի անունով` «Քամփ Նու-Լիոնել Մեսսի»: Նշենք, որ նախորդ օգոստոսին Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Մեսսի ուզեց լքել իր ակումբը: Սակայն պայմանագիրի կէտերուն  հետ կապուած խնդիրներու պատճառով ան տարեշրջան մը եւս պիտի մնայ իր ակումբին հետ: Ան Պարսելոնայի հետ 724 մրցումի ընթացքին նշանակեց 630 կէտ:

Ինթեր Միլանի Համակիրները Կը Պահանջեն  Իրենց Մարզիչին Պաշտօնազրկումը

Ինթեր Միլանի Համակիրները Կը Պահանջեն Իրենց Մարզիչին Պաշտօնազրկումը

«Ֆութպոլ Իտալիա» կը յայտնէ, որ Ինթեր Միլանի համակիրները իտալական ակումբին ղեկավարութեան կոչ ուղղած են շատ արագ կերպով պաշտօնանկ ընելու ակումբին գլխաւոր մարզիչը` Անթոնիօ Քոնթէն: Քանի մը օր առաջ Իտալիոյ մէջ ակումբին կրած պարտութիւնը Ռէալ Մատրիտէն («Չեմփիընզ Լիկ», 2-0), գրեթէ չմարսուեցաւ Ինթեր Միլանի համակիրներուն կողմէ, որոնք «Քոնթէ Աութ» կոչերը արձակեցին: Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող վերոնշեալ մրցաշարքին, չորս մրցումէ միայն երկու կէտ...

Տեմպելէ Շատ Հաւանաբար Փոխ Տրուի  Մանչեսթըր Եունայթըտին

Տեմպելէ Շատ Հաւանաբար Փոխ Տրուի Մանչեսթըր Եունայթըտին

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ յոյս ունի յառաջիկայ յունուարին մարզիկներու ձմեռնային փոխանցման ընթացքին Պարսելոնայէն փոխ առնել Ֆրանսացի միջազգային յառաջապահ Ուսման Տեմպելէն, այս մասին կը տեղեկացնէ «Տէյլի Մէյլ»: Անգլիական ակումբը կը փափաքի կարճատեւ վարձակալութեան պայմանագիր կնքել 23 տարեկան ֆութպոլիստին հետ: Նշուեցաւ, որ Տեմպելէի փոխանցման գումարը կը գնահատուի 50 միլիոն եւրոյով: 2017-էն Պորուսիա Տորթմունտէն Պարսելոնային միացած Տեմպելէ մինչեւ 2022 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է իր...

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Լիբանան-Հնդկաստան

Պասքեթպոլ. Այսօր` Լիբանան-Հնդկաստան

Ասիոյ պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 27 նոյեմբերին, Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը կը ճակատի Հնդկաստանի դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Մանամայի մէջ (Պահրէյն), պիտի սկսի կէսօրուան ժամը 12:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Նշենք, որ Լիբանան այժմ 4 կէտով կը գրաւէ Դ. խմբակին պարագլուխի դիրքը: Լիբանան ցարդ իր կատարած մրցումներուն յաղթած է Իրաքի (87-68) եւ Պահրէյնի (116-73):

Պասքեթպոլ. Եւրոպայի Գ. Դասակարգի Տղոց Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի 18 Տարեկանէն Վար Հաւաքականին Կազմը Յստակացաւ

Պասքեթպոլ. Լիբանանեան 3 Ակումբներ Կը Զօրակցին Հալապիի

Միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` լիբանանեան պասքեթպոլի երեք ակումբներու նախագահներ` Նետիմ Հաքիմ (Պէյրութ Ֆըրսթ-Քլապ), Ահմետ Սաֆատի (Մութթահետ) եւ Ժասեմ Քանսօ (Հուփս) իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին նախագահ Աքրամ Հալապիի: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Հալապի իր պաշտօնը ստանձնած օրէն սկսեալ միշտ ալ աշխատեցաւ ի շահ լիբանանեան պասքեթպոլի շահերուն` առանց խտրութիւն դնելու ակումբներուն միջեւ: Նշենք, որ անոնց կողմէ հրապարակուած այս միացեալ հաղորդագրութիւնը...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Պիտի Ուսումնասիրէ Քարափաղ Ակումբին Հայատեաց Վարքագիծը

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Ցմահ Որակազրկեց Ազրպէյճանական Քարապաղ Խումբին Ընդհանուր Քարտուղարը

Երէկ` հինգշաբթի, 26 նոյեմբերին, «Եու. Է. ԷՖ. Ա.»-ն իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց, որ ազրպէյճանական Քարապաղ ֆութպոլի ակումբի ընդհանուր քարտուղար Նուրլան Իպրահիմովը, ֆութպոլի վերաբերեալ ամէն տեսակի գործունէութենէն ցմահ կ’որակազրկէ: Բացի ասկէ, վերոնշեալ կազմակերպութեան պատժական յանձնախումբը, 100 հազար եւրոյի տուգանք մը սահմանեց Քարապաղի դէմ: Ինչպէս նախապէս յայտնած էինք, Իպրահիմով իր տուած մէկ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին հրապարակաւ յայտարարած էր, որ...

Page 568 of 1279 1 … 567 568 569 … 1,279

Արխիւներ