Երէկ` հինգշաբթի, 26 նոյեմբերին, «Եու. Է. ԷՖ. Ա.»-ն իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց, որ ազրպէյճանական Քարապաղ ֆութպոլի ակումբի ընդհանուր քարտուղար Նուրլան Իպրահիմովը, ֆութպոլի վերաբերեալ ամէն տեսակի գործունէութենէն ցմահ կ’որակազրկէ:
Բացի ասկէ, վերոնշեալ կազմակերպութեան պատժական յանձնախումբը, 100 հազար եւրոյի տուգանք մը սահմանեց Քարապաղի դէմ:
Ինչպէս նախապէս յայտնած էինք, Իպրահիմով իր տուած մէկ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին հրապարակաւ յայտարարած էր, որ պէտք է սպաննել բոլոր հայերը` ծերեր, կիներ եւ երեխաներ:
Ասոր ի տես, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը բազմաթիւ բողոքներ ներկայացուցած էր «Եու. Է. ԷՖ. Ա.»-ին եւ ՖԻՖԱ-ին, որպէսզի պատժական տնօրինումներու դիմեն Իպրահիմովի դէմ:
Այդպէս ալ պատահեցաւ, եւ ազրպէյճանցի Իպրահիմով ստացաւ իր արդար պատիժը: