Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր Լիկ»-ի 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Լիվըրփուլ, չկրցաւ յաղթական վերադառնալ Պրայթընի դաշտէն, ուր արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Տիեկօ Ժոթթա նշանակեց Լիվըրփուլի կոլը (60-րդ), մինչ մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+3-րդ), Պրայթըն փենալթիով նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը:
Մանչեսթըր Սիթի բաւական մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց Պըրնլիի դէմ` 5-0 արդիւնքով:
Ալճերիացի յառաջապահ` Ռիատ Մահրեզ դարձաւ հեթրիքի հեղինակ` իր կոլերը նշանակելով` 6-րդ, 22-րդ եւ 69-րդ վայրկեաններուն:
Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Մանչեսթըր քաղաքի երկրորդ կազմը` Եունայթըտ, որ 3-2 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Սաութհեմփթընի դաշտէն, հակառակ անոր որ հիւրընկալ կազմը Ա. կիսախաղը աւարտեց ի նպաստ իրեն:
Էտինսոն Քաւանի, որ 74-րդ վայրկեանին նշանակած էր իր կազմին երկրորդ կոլը, մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+3-րդ) նշանակեց Եունայթըտի յաղթական կոլը:
Նշենք, որ Քաւանի կատարեց նաեւ նշանակուած առաջին կոլին էսիսթը, որ յաջողութեամբ կոլի վերածուեցաւ Պրունօ Ֆերնանտեսի կողմէ (59-րդ):
Ինչ կը վերաբերի Չելսի-Թոթենհամ լոնտոնեան տերպիին, անիկա աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը: