Երէկ` ուրբաթ, 27 նոյեմբերին ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն միջազգային նոր դասաւորումը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ նախորդ ամսուան դասաւորման մէջ կը գրաւէր 101-րդ դիրքը, 2 դիրքի ոստում արձանագրելով այժմ կը գրաւէ 99-րդ դիրքը:
Պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ Պելճիքա, մինչ անոր ետին կը գտնուին յաջորդաբար Ֆրանսա, Պրազիլ, Անգլիա եւ Փորթուգալ: