«Ֆութպոլ Իտալիա» կը յայտնէ, որ Ինթեր Միլանի համակիրները իտալական ակումբին ղեկավարութեան կոչ ուղղած են շատ արագ կերպով պաշտօնանկ ընելու ակումբին գլխաւոր մարզիչը` Անթոնիօ Քոնթէն:
Քանի մը օր առաջ Իտալիոյ մէջ ակումբին կրած պարտութիւնը Ռէալ Մատրիտէն («Չեմփիընզ Լիկ», 2-0), գրեթէ չմարսուեցաւ Ինթեր Միլանի համակիրներուն կողմէ, որոնք «Քոնթէ Աութ» կոչերը արձակեցին:
Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող վերոնշեալ մրցաշարքին, չորս մրցումէ միայն երկու կէտ ապահոված Ինթեր Միլան գրեթէ յոյս չունի հասնելու «փլէյ օֆ»-ի հանգրուան: