Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա Լիկա»-ի 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Ռէալ Մատրիտ, կրեց անակնկալ պարտութիւն մը իր հիւրէն` Ալաւեսէն, 2-1 արդիւնքով:
Ռէալի ուշացած կոլը նշանակեց Քազեմիրօ, 86-րդ վայրկեանին:
Նշենք, որ այս պարտութիւնը մայրաքաղաքի կազմին համար եղաւ տարեշրջանի երրորդը:
Աթլեթիքօ Մատրիտ, որ Վալենսիայի դաշտին վրայ արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, ցարդ կը հանդիսանայ միակ խումբը, որ պարտութեան համը չէ ճաշակած:
Այս մրցումին միակ կոլը նշանակուեցաւ Թոնի Լաթոյի կողմէ (79-րդ` սխալմամբ իր բերդին մէջ):
Երկրին փոխախոյեանը` Պարսելոնա, արձանագրեց մեծ յաղթանակ մը, 4-0 արդիւնքով յաղթելով իր հիւրին` Օսասունային:
Մարթին Պրէյթուէյթ (29-րդ), Անթուան Կրիզման (42-րդ), Ֆիլիփ Քութինիօ (57-րդ) եւ Լիոնել Մեսսի (73-րդ) նշանակեցին Պարսայի չորս անպատասխան կոլերը:
Ցարդ տեղի ունեցած մրցումներէն ետք, Աթլեթիքօ Մատրիտ ունի 23 կէտ, Ռէալ Մատրիտ` 17 կէտ, իսկ Պարսելոնա` 14 կէտ: