Հայաստանը ներկայացնող կրանտմասթըր Կարէն Գրիգորեան յաջող մասնակցութիւն ունեցաւ սպանական միջազգային մրցաշարքին:
Ան առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովելով 5,5 կէտ, լրացուցիչ կէտերով գրաւեց առաջին դիրքը եւ դարձաւ տիտղոսակիր: Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Արժանթինի եւ Զուիցերիոյ ներկայացուցիչները, որոնք ապահովեցին նոյնքան կէտ:
Նշենք, որ Գրիգորեան պարտութիւն կրեց միայն առաջին հանգրուանին:
«Պարպերա Տել Վալլես» միջազգային այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 10 ճատրակ խաղացողներ` Սպանիայէն, Արժանթինէն, Զուիցերիայէն, Իսրայէլէն եւ Պիելոռուսիայէն: