Էներժի Իր Զօրակցութիւնը Կը Յայտնէ Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնին
Լիբանանեան Էներժի Քլապ պասքեթպոլի ակադեմիան իր զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին` յառաջիկային տեղի ունենալիք պասքեթպոլի նախագահական ընտրութիւններուն առնչութեամբ:
Անիկա բարձր գնահատեց այժմու ֆետերասիոնի նախագահին եւ անոր բոլոր անդամներուն վերջին տարիներուն տարած բաւական ծանր աշխատանքը, որուն ընդմէջէն անոնք իրենց ամէն կարելին ի գործ կը դնեն բարձր պահելու համար Լիբանանի անունը միջազգային գետնի վրայ:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական