Ասիոյ պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 27 նոյեմբերին, Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը կը ճակատի Հնդկաստանի դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Մանամայի մէջ (Պահրէյն), պիտի սկսի կէսօրուան ժամը 12:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Նշենք, որ Լիբանան այժմ 4 կէտով կը գրաւէ Դ. խմբակին պարագլուխի դիրքը:
Լիբանան ցարդ իր կատարած մրցումներուն յաղթած է Իրաքի (87-68) եւ Պահրէյնի (116-73):