Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէի Ընտրութիւններուն Պիտի Ըլլայ Միայն Մէկ Թեկնածու
Մարտ 2021-ին Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի մէջ տեղի պիտի ունենան Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին նախագահական ընտրութիւնները` անոր 137-րդ համագումարին ընթացքին: Թեկնածուներուն առաջադրման ժամկէտը աւարտեցաւ 30 նոյեմբերին: Կազմակերպութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ նախագահի պաշտօնին համար ներկայացած է միայն մէկ թեկնածու, որ է անոր այժմու նախագահը` գերմանացի Թոմաս Պախ: Պախ, որ կը պաշտօնավարէ 2013-էն ի վեր, ընտրուելու պարագային իր պաշտօնին վրայ պիտի շարունակէ մնալ...




















