Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ներկայացուցիչ Կարէն Նալբանդեան նշանակուեցաւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի մրցումի իրաւարարներու հսկիչ:
Վաղը` երեքշաբթի, տեղի պիտի ունենայ ուքրանական Շախտիոր Տոնեցքի եւ սպանական Ռէալ Մատրիտի ճակատումը:
Այս մրցումը պիտի կատարուի խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող Բ. խմբակի մրցումներու 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 19:55-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):