Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայ թենիսմեն Կարէն Խաչանով վարակուեցաւ «Քորոնա» ժահրով, այս մասին յայտնեց նոյնինքն Խաչանով:
«Քանի մը օր առաջ հասայ Տուպայ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ)` հոն պատրաստուելու համար նոր տարեշրջանին: Բայց դժբախտաբար, ես, կինս եւ զաւակս «Քորոնա» ժահրի քննութեան դրական արդիւնք ստացանք:
«Արդէն իսկ բոլորս ինքնամեկուսացած ենք, եւ յոյս ունիմ, որ շուտով ապաքինինք», ըսաւ Խաչանով:
Նշենք, որ Խաչանով թենիսի միջազգային դասաւորման մէջ կը գրաւէ 20-րդ դիրքը: