Եուրի Ճորքայէֆ` Ֆրանսայէն Հայաստան Հասած Պատուիրակութեան Մէջ
Հայրենի լրատու գործակալութիւններէն կը տեղեկանանք, որ Երեւան հասած է Ֆրանսայի կառավարութեան կողմէ արցախահայութեան տրամադրուած մարդասիրական օժանդակութեան երկրորդ օդանաւը, որուն մէջ կան 35 թոն բժշկական տարբեր տեսակի դեղեր եւ անմիջական բուժման տարբեր տեսակի իրեր:
Պատուիրակութիւնը Հայաստան կ՛այցելէ Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղար Ժան-Պաթիսթ Լըմուանի գլխաւորութեամբ:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէ նաեւ Հայաստանի համար բարի կամեցողութեան դեսպան Եուրի Ճորքայէֆ:
Հայաստան հասնելէն ետք Ճորքայէֆ կատարեց հետեւեալ կարճ յայտարարութիւնը. «Մի՛շտ հպարտութեամբ կ’ըսեմ, որ հայ եմ»:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական