Երէկ` կիրակի, 29 նոյեմբերին տեղի ունեցած «Ֆորմիւլա-1»-ի 2020-ի աշխարհի ախոյեանութեան Պահրէյնի կրան փրին վերջ գտաւ «Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթընի յաղթանակով:
Սակայն առաջին իսկ լեփին ֆրանսացի Ռոմեն Կրոժան, որ մաս կը կազմէ «Հաաս-Ֆեռար»-ի խումբին, ունեցաւ արկած մը, որուն պատճառով անոր ինքնաշարժը ամբողջութեամբ հրդեհ առաւ:
Ըստ նախնական տեղեկութիւններու, ան ստացած է ձեռքերու թեթեւ այրուածք, սակայն անոր առողջական վիճակը բաւական կայուն է:
Կը կարծուի, որ այսօր պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակուի արկածին եւ Կրոժանի առողջական վիճակին մասին: