Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ 1»-ի 12-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ տեղի ունեցած Ռենն-Սթրազպուրկ մրցումին ազդանշանը տրուելէն առաջ, երկու կազմերուն ֆութպոլիստները, ինչպէս նաեւ օրուան իրաւարարները, իւրայատուկ ձեւով յարգեցին արժանթինցի անուանի ֆութպոլիստ Տիեկօ Մարատոնայի մահուան յիշատակը:
Անոնք դաշտին կեդրոնը շարուեցան` «M» տառի ձեւը ներկայացնելով:
Նշենք, որ Մարատոնա մահացաւ նախորդ 25 նոյեմբերին, 60 տարեկան հասակին: