Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան դուրս մնաց ճատրակի «Սքիլինկ Օփըն 2020» մրցաշարքի քառորդ աւարտականի հանգրուանէն:
Արագ ճատրակի առցանց մրցաշարքի այս հանգրուանին, Արոնեանի մրցակիցն էր ռուս Եան Նեփոմնիաշի:
Երկրորդ հանգրուանի բոլոր մրցումներուն ընդհանուր արդիւնքով, Արոնեան զիջեցաւ 5-2 արդիւնքով եւ լքեց հետագայ պայքարը:
Նշենք, որ այս մրցաշարքը կազմակերպուած է աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնուս Քարլսընի կողմէ: