Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ յոյս ունի յառաջիկայ յունուարին մարզիկներու ձմեռնային փոխանցման ընթացքին Պարսելոնայէն փոխ առնել Ֆրանսացի միջազգային յառաջապահ Ուսման Տեմպելէն, այս մասին կը տեղեկացնէ «Տէյլի Մէյլ»:
Անգլիական ակումբը կը փափաքի կարճատեւ վարձակալութեան պայմանագիր կնքել 23 տարեկան ֆութպոլիստին հետ:
Նշուեցաւ, որ Տեմպելէի փոխանցման գումարը կը գնահատուի 50 միլիոն եւրոյով:
2017-էն Պորուսիա Տորթմունտէն Պարսելոնային միացած Տեմպելէ մինչեւ 2022 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է իր կազմին հետ: