Միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` լիբանանեան պասքեթպոլի երեք ակումբներու նախագահներ` Նետիմ Հաքիմ (Պէյրութ Ֆըրսթ-Քլապ), Ահմետ Սաֆատի (Մութթահետ) եւ Ժասեմ Քանսօ (Հուփս) իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին նախագահ Աքրամ Հալապիի:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Հալապի իր պաշտօնը ստանձնած օրէն սկսեալ միշտ ալ աշխատեցաւ ի շահ լիբանանեան պասքեթպոլի շահերուն` առանց խտրութիւն դնելու ակումբներուն միջեւ:
Նշենք, որ անոնց կողմէ հրապարակուած այս միացեալ հաղորդագրութիւնը կը նկատուի բաւական կարեւոր` Լիբանանի պասքեթպոլի նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւններուն նախօրեակին: