Պարսելոնայի նախկին գլխաւոր մարզիչ Քիքէ Սեթիէն երէկ դատ բացաւ քաթալոնական ակումբին դէմ, այս մասին հաղորդեց «Քաթալունիա Ռատիօ»-ն:
Սպանացի ֆութպոլի մասնագէտը կ’ուզէ հատուցում ստանալ իր նախկին ակումբէն` իր պաշտօնազրկման համար:
Նշուեցաւ, որ անոր փաստաբանները Պարսելոնայէն կը պահանջեն 4 միլիոն եւրօ հատուցում:
62 տարեկան Սեթիէն, որ Պարսելոնայի մարզիչ նշանակուեցաւ 13 յունուար 2020-ին, նոյն տարուան 17 օգոստոսին պաշտօնազրկուեցաւ: