Ուրուկուէյցի միջազգային յառաջապահ Էտինսոն Քաւանի կրնայ կախակայուիլ իր կատարած ցեղապաշտական բնոյթի յայտարարութեան համար, այս մասին հաղորդեց անգլիական «Տէյլի Մէյլ»-ը:
Մանչեսթըր Եունայթըտին մաս կազմող Քաւանի, Սաութհեմփթընի դէմ արձանագրուած յաղթանակէն ետք (3-2, «Փրեմիեր-Լիկ», 10-րդ հանգրուան), «Ինսթակրամ»-ի մէջ պատասխանելով իր հետեւորդներէն մէկուն, գրած էր. «Gracias negrito» (շնորհակալութիւն, սեւ):
33 տարեկան Քաւանի թէեւ 3 ժամ ետք ջնջած էր այդ գրութիւնը, սակայն Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը ատկէ տեղեակ ըլլալով արդէն իսկ սկսած է հետաքննութեան:
Ըստ կանոնագիրի, այսպիսի յայտարարութեան պարագային, ֆութպոլիստները կը կախակայուին 3 մրցումով: