Պարսելոնա Տուգանքի Պիտի Ենթարկուի… Մեսսիի Պատճառով
Ինչպէս ծանօթ է, Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա Լիկա»-ի 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն, նախորդ շաբաթավերջին Պարսելոնա 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Օսասունայի դէմ:
Մրցումին ամէնէն գեղեցիկ պահերէն մէկն էր Լիոնել Մեսսիի նշանակած կոլը տօնելը: Արժանթինցին իր նշանակած այդ կոլը նուիրեց Տիեկօ Մարատոնայի յիշատակին, որ մահացած էր նախորդ շաբաթավերջին` իր 60 տարեկան հասակին:
Ան, հանելով իր մարզաշապիկը, ցուցադրեց Նիւըլզ Օլտ Պոյզի թիւ 10 մարզաշապիկը, որ կրած էր Մարատոնա, երբ վերջինս մաս կը կազմէր արժանթինեան այդ ակումբին:
Մեսսի թէեւ ստացաւ դեղին քարտ մը, սակայն անոր ակումբը` Պարսելոնա, կրնայ ստանալ 3000 եւրոյի տուգանք մը` այդ դէպքին համար, յայտնեց «Sport.es» կայքը:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական