Նափոլիի քաղաքապետ Լուիճի Տէ Մակիսթրիս յայտնեց, որ Նափոլիի Սան Փաուլօ մարզադաշտը պիտի անուանափոխուի արժանթինցի ֆութպոլի աստղ Տիեկօ Մարատոնայի անունով:
«Կային շարք մը փայլուն գաղափարներ, սակայն մենք որոշեցինք` «Սթատիօ Տիեկօ Արմանտօ Մարատոնա» անուանումը», քաղաքապետին խօսքը մէջբերեց` «Ֆութպոլ Իդալիա»-ն:
Նշենք, որ Տիեկօ Մարատոնա Նափոլիի մարզաշապիկը կրած է 1984-էն 1991` անոր հետ դառնալով Իտալիոյ կրկնակի ախոյեան:
Նախորդ շաբաթավերջին, «Քալչիօ»-ի 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Նափոլի 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց իր հիւրին` Ա. Էս. Ռոմայի դէմ: