Ռէալ Մատրիտի նախկին նախագահ Ռամոն Քալտերոն քննադատեց արքայական ակումբի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերեսը, որ 2018-ին Եուվենթուսին ծախեց փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոն:
«Ան մեծ սխալ գործեց, երբ որոշեց ծախել Ռոնալտոն, որ 9 տարի բացառիկ յաջողութիւններու հասաւ Ռէալի հետ: Այժմ դարձեալ ականատես կ’ըլլանք անոր յաջողութիւններուն շարունակման, ինչ որ ցոյց կու տայ, որ ան կը շարունակէ մնալ աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստներէն մէկը», ըսաւ Քալտերոն: