Հաստատուեցաւ ԱՊՀ-ի Երկիրներու Խաղերուն Կայացման Վերջնական Թուականը
Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ հաստատուեցաւ ԱՊՀ-ի երկիրներու առաջին մարզական խաղերուն վերջնական թուականը:
Այդ խաղերը տեղի պիտի ունենան 4-11 սեպտեմբեր 2021-ին, Քազանի մէջ (Ռուսիա):
Սկզբունքով անիկա պիտի կատարուէր նախորդ 20-27 օգոստոսին: Սակայն «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով, անիկա յետաձգուեցաւ սեպտեմբերին, իսկ այժմ` յառաջիկայ տարուան:
Շատ հաւանական է, որ այդ խաղերուն մասնակցին 14-23 տարեկան 3000-3500 երկսեռ մարզիկներ` 21 տարբեր մարզաձեւերու մէջ:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական