Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի ըմբշամարտի հաւաքականները սկսան նախապատրաստուիլ աշխարհի բաժակի անհատական ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի մրցումներուն:
Երէկ իր փորձերուն սկսաւ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը, մինչ այսօր իր փորձերուն կը սկսի ազատ ոճի հաւաքականը:
Նշուեցաւ, որ աշխարհի բաժակի անհատական ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 12-18 դեկտեմբերին` Պելկրատի մէջ (Սերպիա):