Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ երկրին ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Եոաքիմ Լոյեւ պիտի մնայ իր պաշտօնին վրայ, հակառակ անոր որ Գերմանիա իր կատարած մրցումին 6-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց Սպանիայէն:
Անիկա աւելցուց նաեւ, որ միայն մրցումի մը արդիւնքը նկատի առնելով մարզիչ մը չի կրնար կորսնցնել իր պաշտօնը: