Քաթալոնական Պարսելոնայի նախկին նախագահ Խուան Լափորթա, երէկ պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով յայտնեց, որ իր թեկնածութիւնը կ’առաջադրէ ակումբին նախագահական ընտրութիւններուն:
58 տարեկան Լափորթա յայտարարեց, որ ինք ի վիճակի է ակումբը դուրս հանել իր տնտեսական ծանր տագնապէն:
Ան նաեւ յայտնեց, որ ակումբի նախագահ ընտրուելու պարագային, ինք պիտի վերադարձնէ մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլան:
Լափորթա, որ հանդիսացաւ ակումբին 38-րդ նախագահը, պաշտօնավարեց 2003-2008 ժամանակամիջոցին:
Նշենք, որ ան 2015-ին եւս առաջադրեց իր թեկնածութիւնը, սակայն իր ստացած աւելի քիչ ձայներով պարտուեցաւ Եոսիփ Մարիա Փարթոմէուէն:
Կը նախատեսուի, որ Պարսելոնայի նախագահական ընտրութիւնները կատարուին 2021 տարուան սկիզբը: