Մարզական

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Կիրակի, 6 Դեկտեմբերին`  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Նասըր Հատաս

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Կիրակի, 6 Դեկտեմբերին` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Նասըր Հատաս

Լիբանանի ֆութպոլի 2020-2021 տարեշրջանի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, շաբաթավերջին կը կատարուին զտումի Ա. հանգրուանի մրցումները: Ինչպէս ծանօթ է, բաժակի մրցաշարքերը կը կատարուին նաք-աութի դրութեամբ: Հետեւաբար, պարտուող խումբը մրցաշարքէն դուրս կը մնայ, մինչ յաղթականը կը շարունակէ իր երթը: Լիբանանի Դ. դասակարգին մէջ հանդէս եկող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կիրակի, 6 դեկտեմբերին մրցում ունի կատարելիք Նասըր Հատասի դէմ: Այս մրցումը, որ պիտի...

Ողիմպիական Խաղերուն Կռփամարտի  Վարկանշային Մրցաշարքը  Կը Վերսկսի Ապրիլ 2021-ին

Ողիմպիական Խաղերուն Կռփամարտի Վարկանշային Մրցաշարքը Կը Վերսկսի Ապրիլ 2021-ին

Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Թոքիոյի ողիմպիական խաղերուն կռփամարտի խաղերուն վարկանշային մրցաշարքը` Եւրոպայի ցամաքամասին մէջ, պիտի վերսկսի ապրիլ 2021-ին, դարձեալ Լոնտոնի մէջ: Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Կորիւն Սողոմոնեան (52 քկ), որ յաղթեց Իսրայէլի ներկայացուցիչ Դաւիթ Ալավերդեանին, ողիմպիականի տոմս ապահովեց: Հայ կռփամարտիկներէն շատերը  չշարունակեցին իրենց մրցումները` նկատի ունենալով, որ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն «Քորոնա» Ժահրին պատճառով դադրեցուց մրցաշարքը: Նշենք, որ թէեւ Թոքիօ-2020-ի...

Կռփամարտ.  Գոռ Երիցեանի Այսօրուան  Մրցակիցը` Մեքսիքացի

Կռփամարտ. Գոռ Երիցեանի Այսօրուան Մրցակիցը` Մեքսիքացի

Հայ արհեստավարժ կռփամարտիկ Գոռ Երիցեան այսօր կը կատարէ իր հերթական մենամարտը, երբ Լոս Անճելըսի մէջ (Միացեալ Նահանգներ), «Փանչ Պոքսինկ Փրոմոշըն»-ի կազմակերպած մենամարտին կը մրցի մեքսիքացի Մահորնի Մոնտեզի դէմ: Անոնց միջեւ այս ճակատումը պիտի ըլլայ 8 ռաունտնոց: Նշենք, որ 31 տարեկան փորձառու կռփամարտիկ Երիցեան ցարդ արհեստավարժ ռինկի վրայ կատարած է 46 մենամարտ եւ արձանագրած 36 յաղթանակ:

Գեղասահորդները Սկսան Նախապատրաստուելու  Եւրոպայի Եւ Աշխարհի Ախոյեանութեան

Գեղասահորդները Սկսան Նախապատրաստուելու Եւրոպայի Եւ Աշխարհի Ախոյեանութեան

Հայաստանի գեղասահքի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Հայաստանի գեղասահքի հաւաքականի անդամները սկսան նախապատրաստուելու Եւրոպայի եւ աշխարհի ախոյեանութիւններուն: Թինա Կարապետեան-Սիմոն Պրուքս Սենեկալ զոյգը այժմ կը մարզուի Մոնրէալի մէջ (Քանատա): Աղջկանց գեղասահքի մրցումներուն մասնակցող Հայաստանի միակ ներկայացուցիչը` Անասթասիա Գալուստեան, իր փորձերը կը կատարէ Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ, ուր արդէն իսկ կ’ապրի: Իսկ Սլաւիկ Հայրապետեան կը նախապատրաստուի Երեւանի մէջ: Նշենք, որ Եւրոպայի գեղասահքի ախոյեանութիւնը տեղի...

Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն.  Խորէն Բայրամեան Ընդգրկուեցաւ 16-րդ Հանգրուանի  Խորհրդանշական Հաւաքականին Մէջ

Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Խորէն Բայրամեան Ընդգրկուեցաւ 16-րդ Հանգրուանի Խորհրդանշական Հաւաքականին Մէջ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Ռոսթովի միջնապահ Խորէն Բայրամեան ընդգրկուեցաւ Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի խորհրդանշական հաւաքականին մէջ, այս գծով յայտնեց «matchpremier.ru» կայքը: Այս հանգրուանին անոր կազմը արձանագրեց 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը` Տինամօ Մոսկուայի դէմ: Հայ ֆութպոլիստը նշանակեց իր կազմին երկու կոլերը: Նշենք, որ Բայրամեան նախորդ հանգրուանին եւս ընդգրկուած էր խորհրդանշական հաւաքականին մէջ:

«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Ա. Էս. Ռոմա – Եանկ Պոյզ

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Ա. Էս. Ռոմա – Եանկ Պոյզ

Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Ե. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 3 դեկտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի կազմը` Ա. Էս. Ռոմա, կը հիւրընկալէ Եանկ Պոյզը (Զուիցերիա): Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով): Յաղթանակի կամ նոյնիսկ հաւասարութեան մը պարագային, իտալական կազմը պիտի ապահովէ «փլէյ օֆ»-ի մրցումներուն իր տոմսը:  

Արժանթինի Մէջ Առաջարկած Են Մարատոնայի  Անունով Եւ Լուսանկարով Թղթադրամներ Հրապարակել

Արժանթինի Մէջ Առաջարկած Են Մարատոնայի Անունով Եւ Լուսանկարով Թղթադրամներ Հրապարակել

Արժանթինեան մամուլը երէկ յայտնեց, որ երկրին մէջ առաջարկուած է արժանթինցի ֆութպոլիստ Տիեկօ Մարատոնայի յիշատակը յարգելու համար անոր անունով եւ լուսանկարով թղթադրամներ հրապարակել: Նշուեցաւ, որ 10 հազար փեսօ թղթադրամը պիտի ըլլայ անոր անունով եւ լուսանկարով: Այս գաղափարին զօրակցելու եւ աջակցելու համար ստորագրահաւաք սկսած է «Change.org» կայքին վրայ: Ցարդ ստորագրած են աւելի քան 15 հազար անձեր: Նշուեցաւ, որ առաջարկուած է շատ քիչ...

Ըստ Սպանական Մամուլին.  Զինետտին Զիտան Կրնայ Պաշտօնանկ Ըլլալ

Ըստ Սպանական Մամուլին. Զինետտին Զիտան Կրնայ Պաշտօնանկ Ըլլալ

Սպանական անուանի մարզաթերթեր, որոնց կարգին` «Մարքա», կը յայտնեն, որ Ռէալ Մատրիտի ֆրանսացի մարզիչ Զինետտին Զիտանի ապագան արքայական ակումբին հետ երաշխաւորուած չի թուիր ըլլալ: «Լա Լիկա»-ի խումբին արձանագրած արդիւնքները եւ «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով անոր կրած պարտութիւնը` ուքրանական Շախտիոր Տոնեցքէն, պատճառ կրնան դառնալ, որ ան պաշտօնանկ ըլլայ ակումբին ղեկավարութեան կողմէ: Նշուեցաւ, որ ակումբին կատարելիք յաջորդ երեք մրցումները` Սեւիլլայի, Աթլեթիքօ Մատրիտի («Լա...

Մեսսի Տուգանքի Ենթարկուեցաւ

Մեսսի Տուգանքի Ենթարկուեցաւ

Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը 600 եւրօ տուգանքի ենթարկեց Պարսելոնային մաս կազմող արժանթինցի միջազգային յառաջապահ Լիոնել Մեսսիին: Իսկ անոր ակումբը ստացաւ 350 եւրոյի տուգանք մը: Նախորդ շաբաթավերջին Օսասունայի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (4-0), Մեսսի իր կոլը նշանակելէն ետք, իր մարզաշապիկին տակէն հանեց այլ մարզաշապիկ մը եւ ցուցադրեց Նիւըլզ Օլտ Պոյզի թիւ 10 թիւը կրող մարզաշապիկը, որ կրած էր Տիեկօ Մարատոնան, երբ մաս կը...

Ռոնալտօ` «Կոլտըն Ֆութ-2020»   Մրցանակի Դափնեկիր

Ռոնալտօ` «Կոլտըն Ֆութ-2020» Մրցանակի Դափնեկիր

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան Եուվենթուսի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ դարձաւ «Կոլտըն ֆութ-2020» մրցանակի դափնեկիր: Այս մրցանակը կը շնորհուի 28 տարեկանէն աւելի մեծ ֆութպոլիստներուն` ֆութպոլի զարգացման մէջ անոնց ունեցած ներդրումին համար: Նշենք, որ 35 տարեկան Ռոնալտօ այսպիսով հանդիսացաւ առաջին փորթուգալցին, որ կը տիրանայ այս մրցանակին: Նախապէս այս մրցանակին արժանացած են նաեւ Լիոնել Մեսսի, Սերճիօ Ռամոս, Մոհամետ Սալահ, Նէյմար եւ ուրիշներ: Այս տարի...

Պարսելոնայի Ֆութպոլիստը  Վարակուեցաւ «Քորոնա» Ժահրով

Պարսելոնայի Ֆութպոլիստը Վարակուեցաւ «Քորոնա» Ժահրով

Քաթալոնական Պարսելոնայի մաս կազմող սպանացի միջնապահ` Սերժի Ռոպերթօ վարակուեցաւ «Քորոնա» ժահրով, այս մասին յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 28 տարեկան ֆութպոլիստին «Քորոնա»-ի քննութեան արդիւնքը դրական ըլլալով` ան ինքնամեկուսացուեցաւ: Ան 12 դեկտեմբերին դարձեալ քննութեան պիտի ենթարկուի: Եթէ արդիւնքը ըլլայ ժխտական, ան պիտի սկսի իր փորձերուն: Նշենք, որ ան ապաքինումի մէջ էր 21 նոյեմբերին իր ստացած վնասուածքին պատճառով:

Սթեֆանօ Փիոլի Ապաքինեցաւ  «Քորոնա» Ժահրէն

Սթեֆանօ Փիոլի Ապաքինեցաւ «Քորոնա» Ժահրէն

Իտալական Ա. Սէ. Միլանի գլխաւոր մարզիչ Սթեֆանօ Փիոլի, ապաքինեցաւ «Քորոնա» ժահրէն, այս մասին յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 55 տարեկան իտալացի ֆութպոլի մասնագէտը այդ ժահրով վարակուած էր նախորդ 14 նոյեմբերին: Ան երէկ միացաւ իր կազմին եւ իր մարզիկներուն հետ սկսաւ իր սովորական փորձերուն: Նշենք, որ անոր բացակայութեան, խումբին փորձերուն կը հսկէր ակումբի նախկին յետսապահ, 39 տարեկան Տանիելէ Պոներա, որ 2019-էն...

Հեմիլթըն Եւ Հենտըրսըն` Անգլիոյ Տարուան  Լաւագոյն Մարզիկի Թեկնածուներուն Կարգին

Հեմիլթըն Եւ Հենտըրսըն` Անգլիոյ Տարուան Լաւագոյն Մարզիկի Թեկնածուներուն Կարգին

«Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսը 7-րդ անգամ ըլլալով շահած Լուիս Հեմիլթըն կարգին է այն թեկնածուներուն, որոնք յոյս ունին տիրանալու «Պի. Պի. Սի. Սփորթց Փըրսընալիթի աֆ տը Եիր Ըուորտ» մրցանակին, որ կը շնորհուի Անգլիոյ տարուան լաւագոյն մարզիկին, այս մասին կը յայտնէ «Պի. Պի. Սի.»-ն: Բացի Հեմիլթընէն, թեկնածու են նաեւ Լիվըրփուլի եւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Ճորտըն Հենտըրսըն եւ «քրիքեթ»-ի աստղ Սթիւըրթ...

Lebanese-ping-pong-federation

Լիբանանի Փինկ Փոնկի Նոր Ֆետերասիոնին Ընտրութիւնները` 12 Դեկտեմբերին

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 12 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենան նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւնները: Այս ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ), յետմիջօրէին ժամը 16:00-ին: Բոլոր այն անձերը, որոնք կը փափաքին իրենց թեկնածութիւնը առաջադրել, մինչեւ շաբաթ, 5 դեկտեմբեր իրենց անունները եւ պէտք եղած օրինական բոլոր վաւերաթուղթերը ուղարկած պէտք է...

Պարաքաթ. «Լիբանանի Տղոց Պասքեթպոլի  Ազգային Խումբին Իրագործումը Պէտք Չէ  Չարաշահել Ընտրութիւններուն Համար»

Պարաքաթ. «Լիբանանի Տղոց Պասքեթպոլի Ազգային Խումբին Իրագործումը Պէտք Չէ Չարաշահել Ընտրութիւններուն Համար»

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախկին նախագահ Ժորժ Պարաքաթ իր հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ շնորհաւորեց Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը, որ Պահրէյնի մէջ իր արձանագրած երկու յաղթանակներուն շնորհիւ ապահովեց Ասիա-2021-ի պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումներու իր տոմսը: Այլ գետնի վրայ, Պարաքաթ շեշտեց այն կարեւոր կէտը, որ ոչ ոք պէտք է ազգային խումբին այս իրագործումը օգտագործէ իր անձնական շահերուն համար եւ այդ...

Արմէն Մելիքբէկեան Հանդիպեցաւ  Եուրի Ճորքայէֆի Հետ

Արմէն Մելիքբէկեան Հանդիպեցաւ Եուրի Ճորքայէֆի Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան երէկ տեսակցեցաւ Եուրի Ճորքայէֆի հետ, այս մասին յայտնեց ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Ֆետերասիոնին նախագահը Եուրի Ճորքայէֆին նուիրեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի 6, իսկ Տենիս Ճորքայէֆին` 10 թիւը կրող մարզաշապիկները: Նշենք, որ հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Տենիս Ճորքայէֆ, որ ֆրանսական Տեսեն քաղաքի փոխնախագահն է եւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահին միջազգային հարցերու խորհրդականը: Ֆետերասիոնին նախագահն ու Ճորքայէֆ...

ՖԻՏԷ.  Արոնեան Մնաց  6-րդ Դիրքին Վրայ

ՖԻՏԷ. Արոնեան Մնաց 6-րդ Դիրքին Վրայ

Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին` ՖԻՏԷ-ին կողմէ երէկ հրապարակուած նոր դասաւորման մէջ մնաց իր նոյն դիրքին վրայ` 6-րդ: Բնականաբար, առաջին դիրքին վրայ կը մնայ աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնուս Քարլսըն: Հայաստանի ճատրակ խաղացողներէն Գաբրիէլ Սարգսեան կը գրաւէ 53-րդ դիրքը, Հրանդ Մելքումեան` 78-րդ, իսկ Կարէն Գրիգորեան` 96-րդ դիրքը:

Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը  Կը Կազմակերպէ Աղջկանց Ֆութսալի  Բաց Ախոյեանութիւն

Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Կը Կազմակերպէ Աղջկանց Ֆութսալի Բաց Ախոյեանութիւն

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ ֆետերասիոնը կը կազմակերպէ աղջկանց ֆութսալի  բաց ախոյեանութիւն: Ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ տարիքային դասաւորումով. 12 տարեկանէն վար, 15 տարեկանէն վար եւ 15 տարեկանէն վեր: Այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Անոր ազդանշանը պիտի տրուի 13 դեկտեմբերին: Իւրաքանչիւր խումբ բաղկացած պէտք է ըլլայ նուազագոյնը 6 մասնակցողէ: Մասնակցութեան վերջին պայմանաժամ...

Յունահռոմէական Ոճի 9 Ըմբիշ Կը Մասնակցի  Աշխարհի Բաժակի Անհատական Ախոյեանութեան

Յունահռոմէական Ոճի 9 Ըմբիշ Կը Մասնակցի Աշխարհի Բաժակի Անհատական Ախոյեանութեան

Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Հայաստանի յունահռոմէական ոճի աշխարհի բաժակի անհատական ախոյեանութեան կը մասնակցի 9 մարզիկով: Աշխարհի այս ախոյեանութեան Հայաստանը պիտի ներկայացնեն` Ռուդիկ Մկրտչեան (55 քկ), Արմէն Մելիքեան (60 քկ), Գէորգ Ղարիբեան (60 քկ), Սլաւիկ Գալստեան (67 քկ), Մալխաս Ամոյեան (72 քկ), Կարապետ Չալեան (77 քկ), Արթուր Շահինեան (87 քկ), Արթուր Ալեքսանեան (97 քկ) եւ Դաւիթ Օւասաբեան...

Դաւիթ Եուրչենքօ Հեռացաւ  Շախտիոր Քարականտայէն

Դաւիթ Եուրչենքօ Հեռացաւ Շախտիոր Քարականտայէն

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի բերդապահ Դաւիթ Եուրչենքօ լքեց իր ակումբը` ղազախական Շախտիոր Քարականտան, այս մասին յայտնեց «Sport.kz» կայքը: Անոր պայմանագրութիւնը ղազախական ակումբին հետ նախատեսուած էր մինչեւ 31 դեկտեմբեր: 27 մարտ 1986-ին Աշխապատի մէջ (Թուրքմենիստան) ծնած Եուրչենքօ իր կազմին հետ դաշտ ներկայացաւ 7 մրցումի ընթացքին:  

Page 566 of 1279 1 … 565 566 567 … 1,279

Արխիւներ