Անգլիական Փորթցմաութի, Ֆուլհեմի եւ Ուեսթ Համ Եունայթըտի սենեկալցի նախկին ֆութպոլիստ Փափա Պուպա Տիոփ նախանցեալ օր մահացաւ իր 42 տարեկան հասակին, յայտնեց Սենեկալի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Սենեկալի ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին յետսապահը բաւական երկար ժամանակէ ի վեր կը պայքարէր ծանր հիւանդութեան դէմ, յայտնեց միջազգային մարզական մամուլը:
Վստահաբար, շատերուն համար անմոռանալի է 2002-ի Մոնտիալին Ֆրանսայի դէմ անոր նշանակած կոլը, երբ այդ մրցումին Սենեկալ արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Ան իր երկրի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ 63 մրցումի ընթացքին նշանակեց 11 կոլ: