Երէկ` կէսօրին, Պահրէյնի մայրաքաղաք` Մանամայի մէջ, Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը կատարեց Ասիոյ պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի իր չորրորդ մրցումը, երբ մրցեցաւ Իրաքի դէմ:
Մարզիչ Ճօ Մուժահեսի կազմը թէեւ քիչ մը դանդաղ սկսաւ այս ճակատումը, սակայն հետզհետէ լիբանանցի մարզիկները մրցումին ղեկը ձեռք առնելով արձանագրեցին իրենց չորրորդ յաջորդական յաղթանակը` 78-69 արդիւնքով:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Լիբանան այսպիսով ապահովեց փլէյ օֆի մրցումներուն իր տոմսը, հակառակ անոր որ ցարդ երկու մրցում ունի կատարելիք:
Մայրիներու կազմը իր կատարած նախորդ երեք մրցումներուն յաղթած էր Հնդկաստանի (115-60), Իրաքի (87-68) եւ Պահրէյնի (116-73):
Երէկուան այս մրցումին, Լիբանանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ուաէլ Արաքժի (25 կէտ), ապա` Քարիմ Զէյնուն (16) եւ Աթեր Մաճոք (12):