7 անգամ «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեան հանդիսացած անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթըն վարակուեցաւ «Քորոնա» ժահրով, այս մասին հաղորդեց «Ֆորմիւլա-1»-ի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Այս պատճառով «Մերսետես»-ի վարորդը իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել կիրակի, 6 դեկտեմբերին Պահրէյնի կրան փրիին, որ պիտի կատարուի Սախիրի վազքուղիին վրայ: