Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, անդրադառնալով նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբին ձեռք ձգած յաջողութեան, յայտնեց, որ անիկա կերտուեցաւ բոլորին միացեալ ջանքերուն շնորհիւ, ըլլան անոնք մարզիկներ, մարզիչ, թեքնիք պատասխանատուներ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոն:
Նախարարը աւելցուց, որ Ասիոյ պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուաններուն Լիբանանի տոմսը ապահովելը` այս դժուարին եւ սեւ օրերուն, եկաւ ժպիտ եւ ուրախութիւն տալու լիբանանցիներուն: