Մարտ 2021-ին Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի մէջ տեղի պիտի ունենան Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին նախագահական ընտրութիւնները` անոր 137-րդ համագումարին ընթացքին:
Թեկնածուներուն առաջադրման ժամկէտը աւարտեցաւ 30 նոյեմբերին:
Կազմակերպութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ նախագահի պաշտօնին համար ներկայացած է միայն մէկ թեկնածու, որ է անոր այժմու նախագահը` գերմանացի Թոմաս Պախ:
Պախ, որ կը պաշտօնավարէ 2013-էն ի վեր, ընտրուելու պարագային իր պաշտօնին վրայ պիտի շարունակէ մնալ մինչեւ 2025: