Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Ե. հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր կը կատարուին ութ ճակատումներ` չորս տարբեր խմբակներու մէջ:
Անոնցմէ ոմանք պիտի ըլլան մեղմ ճակատումներ, մինչ ուրիշներ` տաք հանդիպումներ:
Այսօրուան յայտագիրին վրայ եղող ամէնէն զօրաւոր ճակատումը կը խոստանայ ըլլալ Աթլեթիքօ Մատրիտ-Պայէրն Միւնիխ մրցումը, որ անպայման իր վրայ պիտի կեդրոնացնէ լուսարձակները:
Հետաքրքրական կը խոստանան ըլլալ նաեւ Լիվըրփուլ-Այաքս Ամսթերտամ, Փորթօ-Մանչեսթըր Սիթի, Պորուսիա Մէօնշընկլատպախ-Ինթեր Միլան մրցումները, որոնց բոլորին ալ ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):