«Լա Լիկա». Մեսսի Բացակայ` Այսօրուան Մրցումէն
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա Լիկա»-ի 16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր կը կատարուին չորս մրցումներ: Այսօր մրցում ունի կատարելիք նաեւ Պարսելոնա, որ իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Էյպարը: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 20:15-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով): Այս մրցումէն պիտի բացակայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի: Պարսելոնայի մարզիչը` Ռոնալտ Քէօման, 33 տարեկան ֆութպոլիստին յաւելեալ արձակուրդ տուաւ: «Մունտօ Տեփորթիւօ» յայտնեց, որ Մեսսի մեկնեցաւ հայրենիք`...




















