Սպանիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան, քաթալոնական Պարսելոնայի նախագահի թեկնածու Խուան Լափորթա նախորդ շաբաթավերջին անդրադարձաւ ակումբին տնտեսական վիճակը բարելաւելու լուծումներուն:
«Անհրաժեշտ է անմիջապէս լուծումներ գտնել, որպէսզի դրական անդրադարձ ունենանք ակումբին ունեցած պարտքին վրայ: Ծախսերը պէտք է կրճատենք` փորձելով պարտքը նուազեցնել:
«Մեզի անհանգիստ դարձնողը այդ պարտքին քիչ մը շատ ըլլալն է… 820 միլիոն եւրօ, բայց լաւ տրամադրուած ենք այդ գծով` նկատի ունենալով, որ այդպիսի իրավիճակի մէջ գտնուած ենք 2003-ին եւ այդ դժուարութիւնը յաղթահարած: Յոյսով ենք, որ ամէն ինչ կը յաջողինք կարգի բերել:
«Եւրոպայի «Սուփըր Լիկա»-ն կրնայ մեծ եկամուտ բերել Պարսելոնային: Կան նաեւ քննարկելի այլ հարցեր ալ, որոնք ակումբին պարտքերը պիտի նուազեցնեն», յայտնեց Լափորթա:
Նշենք, որ Պարսելոնայի նախագահի ընտրութիւնը պիտի կատարուի յունուար 2021-ին: