Միջազգային մարզական մամուլը երէկ յայտնեց, որ թենիսի 20 կրան շլեմի մրցաշարքերու տիրացած զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր պիտի բացակայի Աւստրալիոյ կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքէն, որ տեղի պիտի ունենայ փետրուար 2021-ին:
39 տարեկան Ֆետերեր այժմ Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) մարզական հաւաք մը կը կատարէ:
Ծունկի երկու վիրաբուժութիւններէ ետք, անոր մարզիչները յետաձգեցին անոր թենիսի դաշտեր վերադարձը, նուազագոյնը` երկու ամիսով: