Իսքօ Մտադիր Է Հեռանալ Ռէալ Մատրիտէն
Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Իսքօ մտադիր է հեռանալ արքայական ակումբէն, Սերճիօ Ռամոսի հետ իր ունեցած տարակարծութիւններուն պատճառով, այս մասին յայտնեց սպանական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ Ռամոս քննադատած էր Իսքոն` նշելով, որ մարզադաշտին վրայ ան ընդհանրապէս նուիրուած չ՛ըլլար իր կազմին կատարած մրցումներուն:
Ռամոսին գրեթէ համամիտ է նաեւ ակումբի գլխաւոր մարզիչ Զինետտին Զիտան:
Այս իրողութենէն մեկնելով` Իսքօ ակումբին ղեկավարութենէն խնդրած է զինք «ծախել» այլ կազմի մը, երբ մարզիկներու ձմեռնային փոխանցումը սկսի:
Նշենք, որ 28 տարեկան Իսքօ Ռէալ Մատրիտին միացաւ 2013-ին:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական