Երէկ` հինգշաբթի, 23 դեկտեմբերին, 73 տարեկան հասակին մահացաւ Արարատի անցեալի անուանի ֆութպոլիստ Արկադի Անդրէասեան, այս մասին յայտնեց Արարատի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Հայրենի անցեալի ֆութպոլիստը եւ փորձառու մարզիչը Արարատի հետ իբրեւ ֆութպոլիստ հանդիսացած է նախկին Խորհրդային Միութեան ախոյեան եւ բաժակակիր, ինչպէս նաեւ հանդիսացած է ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր` նախկին Խորհրդային Միութեան հետ:
Ան իբրեւ մարզիչ երկար տարիներ աշխատած է Արարատի հետ:
Արարատի ղեկավարութիւնը ցաւակցութիւն յայտնեց անոր ընտանեկան պարագաներուն: