Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը հրապարակեց 2021 տարուան իր յայտագիրը:
Ըստ անոր հրապարակած յայտագիրին, 18-21 մարտին Պուտափեշտի մէջ պիտի կատարուի ողիմպիական խաղերու Եւրոպայի գօտիին վարկանշային ախոյեանութիւնը:
Իսկ 19-25 ապրիլին Վարշաւայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի ախոյեանութիւնը, որ յետաձգուած էր երկու ամիսով:
Հակառակ իր հրապարակած այս յայտագիրին, ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ որեւէ ժամանակ անիկա կրնայ փոփոխութեան ենթարկուիլ` «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով: