Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա Լիկա»-ի 16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր կը կատարուին չորս մրցումներ:
Այսօր մրցում ունի կատարելիք նաեւ Պարսելոնա, որ իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Էյպարը:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 20:15-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Այս մրցումէն պիտի բացակայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի:
Պարսելոնայի մարզիչը` Ռոնալտ Քէօման, 33 տարեկան ֆութպոլիստին յաւելեալ արձակուրդ տուաւ:
«Մունտօ Տեփորթիւօ» յայտնեց, որ Մեսսի մեկնեցաւ հայրենիք` հոն դիմաւորելու համար Նոր տարին:
Երկրին գործող ախոյեանը` Ռէալ Մատրիտ իր մրցումը պիտի կատարէ վաղը, երբ հիւրը պիտի ըլլայ Էլչէին (ժամը 22:30-ին):