Պարսելոնայի 33 տարեկան արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի պատմական մրցանիշ հաստատելուն առիթով, իրմէ կոլ ստացած 160 բերդապահներու «Պատուայզըր» գարեջուր նուիրեց:
Ինչպէս ծանօթ է, Մեսսի ակումբի մը հետ իր նշանակած կոլերու քանակով գերազանցեց պրազիլցի Փելէի մրցանիշը, որ անցեալին նշանակած էր 643 կոլ:
Վերոնշեալ գարեջուրի ընկերութիւնը, համագործակցելով Մեսսիի հետ, նախորդ շաբաթավերջին հրապարակեց Մեսսիի պատկերով յատուկ լուսանկար մը, ուր կ’երեւին 644 գարեջուրի շիշեր: Քաթալոնական ակումբին հետ Մեսսի նշանակած է նոյնքան կոլ:
Այդ գարեջուրի շիշերէն բաժին ինկաւ նաեւ Եուվենթուսի իտալացի բերդապահ Ճիանլուիճի Պուֆոնի, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Մեսսիի այս իւրայատուկ նուէրին համար:
Նշենք, որ Պուֆոն ստացաւ 2 շիշ գարեջուր` նկատի ունենալով, որ Մեսսի անոր բերդին մէջ նշանակած էր իր 514-րդ եւ 515-րդ կոլերը:
Ռէալ Մատրիտի սպանացի բերդապահ Իքեր Քասիաս արժանթինցիէն ստացաւ… 17 շիշ գարեջուր:
Ամէնէն շատ գարեջուրը ստացաւ Վալենսիայի նախկին պրազիլցի բերդապահ Տիեկօ Ալվես (21 շիշ):