
Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի ղեկավարութիւնը նախորդ շաբաթավերջին իր պայմանագրութիւնը խզեց ակումբի գերմանացի գլխաւոր մարզիչ Թոմաս Թուխելի հետ:
Ֆրանսական մամուլը յայտնեց, որ մայրաքաղաքի կազմը Թուխելի եւ անոր օգնականներուն պիտի վճարէ 7 միլիոն եւրօ փոխհատուցում` անոնց հետ իր պայմանագրութիւնները միակողմանի եւ ժամանակէն առաջ խզելու համար:
Նշենք, որ Թուխել Սեն Ժերմենի մարզիչ նշանակուած էր 2018-ին:
Թուխելի պաշտօնազրկումէն կարճ ատեն մը ետք, ակումբը իր կազմին գլխաւոր մարզիչ նշանակեց արժանթինցի Մաուրիցիօ Փոքեթինոն, որ նախապէս գլխաւորած է լոնտոնեան Թոթենհամը:
Նոյեմբեր 2019-ին անգլիական Թոթենհամէն հեռանալէն ետք Փոքեթինօ որեւէ աշխատանք չէր կատարեր:
Նշուեցաւ, որ նոր մարզիչին հետ պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2023: