Մարզական

Սպանական Ֆութպոլ.  Պարսելոնայի Վատագոյն Արդիւնքը`  Վերջին 17 Տարուան Ընթացքին

Սպանական Ֆութպոլ. Պարսելոնայի Վատագոյն Արդիւնքը` Վերջին 17 Տարուան Ընթացքին

Նախանցեալ օր տեղի ունեցած Պարսելոնա-Էյպար մրցումին (1-1), որ կ՛իյնայ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա Լիկա»-ի 16-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, քաթալոնական կազմին համար եղաւ ոչ այդքան յիշատակելի օր մը: Նշենք, որ խումբին գլխաւոր մարզիչն է Ռոնալտ Քէօման: Անիկա  իր կատարած 15 մրցումէն ապահովեց 25 կէտ, ինչ որ 2003-2004 տարեշրջանէն ետք ակումբին վատագոյն արդիւնքը կը նկատուի: 17 տարի առաջ, Ֆրանք Ռիքաարտի գլխաւորած կազմը...

Պոպան 5,3 Միլիոն Եւրօ Փոխհատուցում  Պիտի Ստանայ Ա. Սէ. Միլանէն

Պոպան 5,3 Միլիոն Եւրօ Փոխհատուցում Պիտի Ստանայ Ա. Սէ. Միլանէն

Իտալական Ա. Սէ. Միլան ֆութպոլի ակումբը, Իտալիոյ մէկ դատարանին որոշումով, ստիպուած պիտի ըլլայ 5,3 միլիոն եւրոյի փոխհատուցում վճարել ակումբի նախկին մարզական տնօրէն Զվոնիմիր Պոպանի: Ակումբը այս տարուան մարտին պաշտօնանկ ըրաւ 52 տարեկան Պոպանը, այդ պատճառով ալ ան դիմեց դատարան եւ տարին իր աւարտին չհասած շահեցաւ իր դատը:

Քութինիօ Կրնայ Շուրջ  4 Ամիսով Բացակայիլ Դաշտերէն

Քութինիօ Կրնայ Շուրջ 4 Ամիսով Բացակայիլ Դաշտերէն

Քաթալոնական Պարսելոնային մաս կազմող պրազիլցի միջնապահ Ֆիլիփ Քութինիօ կրնայ շուրջ 4 ամիսով բացակայիլ ֆութպոլի դաշտերէն, այս մասին յայտնեց սպանական մամուլը: 28 տարեկան ֆութպոլիստը նախանցեալ օր վնասուածք ստացաւ Էյպարի դէմ տեղի ունեցած «Լա Լիկա»-ի մրցումին (16-րդ հանգրուան), որուն ընթացքին դաշտ ներկայացած էր 66-րդ վայրկեանին եւ մրցումը անաւարտ ձգած: Պրազիլցին, որ վիրաբուժութեան պիտի ենթարկուի, 2-4 ամիսով պիտի բացակայի դաշտերէն: Ան այս տարեշրջանին...

Սանթիակօ Սոլարի Նշանակուեցաւ  Ամերիքայի Մարզիչ

Սանթիակօ Սոլարի Նշանակուեցաւ Ամերիքայի Մարզիչ

Ռէալ Մատրիտի նախկին գլխաւոր մարզիչ ու ֆութպոլիստ Սանթիակօ Սոլարի մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Մեքսիքայի մէջ` նկատի ունենալով, որ ան նշանակուեցաւ Ամերիքայի մարզիչ, այս մասին յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Արժանթինցի 44 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտը, 2019-ին Ռէալ Մատրիտէն հեռանալէն ետք որեւէ խումբի մարզիչը չէր: Անոր գլխաւորութեամբ Մեքսիքա իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ 9 յունուար 2021-ին:  

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»  Քարթինկի 2020 Տարուան Տիտղոսակիրներու  Մրցանակաբաշխութիւն

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Քարթինկի 2020 Տարուան Տիտղոսակիրներու Մրցանակաբաշխութիւն

Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ կազմակերպուեցաւ «Փիթ-Սթափ»-ի վազքուղիին մէջ (Զուք Մոսպեհ), «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» կատարեց քարթինկի 2020 տարուան տիտղոսակիրներուն մրցանակաբաշխութիւնը: Անոր ներկայ գտնուեցան «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի շարք մը պատասխանատուներ, որոնք շնորհաւորեցին բոլոր մրցանակակիրները եւ անոնց մաղթեցին նորանոր յաջողութիւններ: Տեղի ունեցան «Ռոթաքս Միքրօ Մաքս»-ի (7-10 եւ 10-12 տարեկան), «Ռոթաքս Ժունիոր Մաքս»-ի (12-14 տարեկան), «Ռոթաքս Սինիոր Մաքս»-ի (14 տարեկան եւ...

Նախարար Թումանեան Ընդունեց Եւ Պարգեւատրեց Մարզաշխարհի Ներկայացուցիչները

Նախարար Թումանեան Ընդունեց Եւ Պարգեւատրեց Մարզաշխարհի Ներկայացուցիչները

Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Վահրամ Թումանեան ընդունեց 2020 տարուան միջազգային ասպարէզին ընթացքին մետալներու տիրացած մարզիկները: Իր խօսքին մէջ նախարարը յիշեց արցախեան պատերազմին մասնակից մարզիկները եւ շեշտեց, որ այս պատերազմին ընթացքին բոլորն ալ հայրենիքի զինուոր էին: «Յոյսով ենք, որ 2021 տարին աւելի լաւ կ’ըլլայ մեր ազգին եւ պետութեան համար: Դուք աւելիին արժանի էք: Մենք միասին ենք եւ...

«Ձեր Ցաւը Իմ Ցաւս Է». Էնես Քանտերի  Նամակը` Հենրիխ Մխիթարեանին

«Ձեր Ցաւը Իմ Ցաւս Է». Էնես Քանտերի Նամակը` Հենրիխ Մխիթարեանին

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերող Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի մարզիկ, ազգութեամբ թուրք Էնես Քանտեր հրապարակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանին իր ուղարկած նամակը, որուն մէջ ան կատարած է հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Մանկութեանս լաւագոյն ընկերներէն մէկը եղած է հայ, անկէ եւ անոր ընտանիքէն շատ բան սորված եմ: Իմ արհեստավարժ ասպարէզիս եւ «Էն. Պի....

Ալեքսանտր Գրիգորեան` Քրասնոտարի  Աղջկանց Խումբի Մարզի՞չ

Ալեքսանտր Գրիգորեան` Քրասնոտարի Աղջկանց Խումբի Մարզի՞չ

Ռուսական մարզական մամուլը յայտնեց, որ Ուրարտու Երեւանի գլխաւոր մարզիչ Ալեքսանտր Գրիգորեան շատ հաւանաբար իր աշխատանքը շարունակէ Ռուսիոյ մէջ: Նշուեցաւ, որ 54 տարեկան մասնագէտով շատ մօտէն հետաքրքրուած է Քրասնոտար: Ռուսական ակումբին սեփականատէրը` Սերկէյ Կալիցքի, անձամբ բանակցութիւններ կատարած է անոր հետ` անոր առաջարկելով գլխաւորել ակումբին աղջկանց խումբը: Գրիգորեան, որ նախապէս գլխաւորած է Լատայի եւ Զվեզտա-2005-ի աղջկանց խումբերը, անոնց հետ տիրացած է 12...

Ալեքսանտր Կարապետեան Արձագանգեց  Քանտերի Գրած Նամակին

Ալեքսանտր Կարապետեան Արձագանգեց Քանտերի Գրած Նամակին

Ռուսական Թամփովի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող յառաջապահ Ալեքսանտր Կարապետեան, արձագանգելով թուրք պասքեթպոլիստ Էնես Քանտերի գրած նամակին, որ ուղղուած էր Հենրիխ Մխիթարեանին, կատարած է հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Եղբայր, շատ շնորհակալ եմ աջակցութեան համար: «Քորոնա» ժահրի համաճարակէն ետք, ամէն գնով պիտի այցելեմ Միացեալ Նահանգներ եւ կատարած մրցումներէդ մէկուն ներկայ պիտի ըլլամ»: Կարապետեանի հրապարակած այս յայտարարութեան ի տես, թուրք պասքեթպոլիստը ըսած...

Մոլտովայի Ազգային Խումբին Ֆութպոլիստը  Միացաւ Արարատ-Արմենիայի

Մոլտովայի Ազգային Խումբին Ֆութպոլիստը Միացաւ Արարատ-Արմենիայի

Երեւանի Արարատ-Արմենիա ֆութպոլի խումբը պայմանագրութիւն մը կնքեց Մոլտովայի ֆութպոլի ազգային խումբի ֆութպոլիստ, 26 տարեկան միջնապահ Տան Սփաթարուի հետ: Իր հայրենիքէն դուրս ան մաս կազմած է նաեւ շարք մը այլ ակումբներու, որոնք կը գործեն Ռումանիոյ եւ Լաթվիոյ մէջ: Նշենք, որ նախքան Արարատ-Արմենիա տեղափոխուիլը, ան մաս կը կազմէր Նոային, որուն հետ հանդիսացաւ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակակիր: Ան իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը...

«Լա Լիկա».  Պարսելոնա Չկրցաւ Յաղթել Էյպարին

«Լա Լիկա». Պարսելոնա Չկրցաւ Յաղթել Էյպարին

Այսօր` Էլչէ-Ռէալ Մատրիտ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա Լիկա»-ի 16-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան շարք մը ճակատումներ, մինչ մնացեալ մրցումները տեղի պիտի ունենան այսօր: Փոխախոյեան Պարսելոնա, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Էյպարը, անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով քիչ մը ոչ համոզիչ հաւասարութիւն մը: 8-րդ վայրկեանին դանիացի Մարթին Պրէյթուէյթ ի նպաստ Պարսելոնայի տրուած փենալթին չկրցաւ կոլի վերածել: Թէեւ ան 25-րդ...

Աթլեթիքօ Մատրիտ Իր Պայմանագրութիւնը  Խզեց Տիեկօ Քոսթայի Հետ

Աթլեթիքօ Մատրիտ Իր Պայմանագրութիւնը Խզեց Տիեկօ Քոսթայի Հետ

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ Աթլեթիքօ Մատրիտ յայտարարեց, որ իր պայմանագրութիւնը կը խզէ յառաջապահ Տիեկօ Քոսթայի հետ: Ատիկա նախատեսուած էր մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը: Մատրիտեան ակումբը յայտնեց, որ այս որոշումը ընդունուած է ֆութպոլիստին փափաքով: Տիեկօ Քոսթայի մօտ յայտնաբերուած «Քորոնա» ժահրէն ետք ի յայտ եկած է երակներու որոշ հիւանդութիւն մը: Նշենք, որ 32 տարեկան ֆութպոլիստը իր ակումբին հետ իր կատարած...

«Փրեմիեր Լիկ»-ը Կրնայ  Երկու Շաբաթով Դադրիլ

«Փրեմիեր Լիկ»-ը Կրնայ Երկու Շաբաթով Դադրիլ

Անգլիական մարզական մամուլը երէկ յայտնեց, որ ակումբները կը քննարկեն «Փրեմիեր Լիկ»-ը երկու շաբաթով ընդհատել, «Քորոնա» ժահրին տարածումին պատճառով: Ինչպէս ծանօթ է, բացի Էվըրթըն-Մանչեսթըր Սիթի մրցումէն, խնդիրներ կան նաեւ այլ խումբերու մէջ: Հակառակ անոր որ Շեֆիլտ Եունայթըտի կազմին մէջ եւս կան վերոնշեալ ժահրէն վարակումով դէպքեր, սակայն որոշուեցաւ Պարնլիի դէմ անոր կատարելիք մրցումը կայացնել: Նշենք, որ վերջին շրջանին «Փրեմիեր Լիկ»-ին մէջ «Քորոնա»...

Մեսսի Չ’ուզեր Աջակցիլ Պարսելոնայի  Նախագահի Թեկնածուներէն Ոչ Մէկուն

Մեսսի Չ’ուզեր Աջակցիլ Պարսելոնայի Նախագահի Թեկնածուներէն Ոչ Մէկուն

Քաթալոնական Պարսելոնայի մաս կազմող յառաջապահ Լիոնել Մեսսի յայտարարեց, որ չ’ուզեր աջակցիլ ակումբին նախագահական ընտրութիւններուն իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած գործիչներէն ոչ մէկուն: «Կը նախընտրեմ տեղի ունենալիք այս ընտրութիւններէն ամբողջութեամբ հեռու մնալ, որովհետեւ չեմ ուզեր, որ մարդիկ ընտրութիւններէն ետք ինծի ըսեն, որ այս կամ այն գործիչին հետ էի: «Պիտի յաղթէ այն թեկնածուն, որ պիտի ստանայ ձայներուն մեծամասնութիւնը: Յոյսով եմ, որ ակումբին յաջորդ նախագահը...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Շապապ Սահել` Պարագլուխի Դիրքին Վրայ

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Շապապ Սահել` Պարագլուխի Դիրքին Վրայ

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի մրցումները: Շաբթուան գագաթի ճակատումին, գործող ախոյեան Ահտ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Նըժմէի հետ: Անսար 3-0 արդիւնքով յաղթեց Պըրժին, Ախա Ահլի Ալէյ` Թատամոն Սուրին (1-0), Սաֆա` Շապապ Պըրժին (2-1), Թրիփոլի` Շապապ Ղազիէին (2-1), իսկ Շապապ Սահել` Սալամ Զղարթային (4-0): Այժմ դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Սահել, որ իր...

Ժիւտօ.  Լիբանանի Ֆետերասիոնին Նախագահը  Ստացաւ Յատուկ Շքանշան Մը

Ժիւտօ. Լիբանանի Ֆետերասիոնին Նախագահը Ստացաւ Յատուկ Շքանշան Մը

Երեկոյի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Լիբանանի մէջ գտնուող Ճափոնի դեսպան Ուքուպա Թաքիչիի տան մէջ (Պաապտա), Լիբանանի ժիւտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Ֆրանսուա Սաատէ դեսպանէն ստացաւ յատուկ շքանշան մը: «Քորոնա» ժահրի համավարակին պատճառով, հրաւիրեալներուն թիւը սահմանափակ էր: Դեսպանը բարձր գնահատեց այս մարզաձեւին մէջ Սաատէի տարած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ յայտնեց, որ անոր շնորհիւ Լիբանան-Ճափոն փոխադարձ յարաբերութիւնները հասան իրենց առաւելագոյնին: Իր կարգին, Սաատէ յատուկ...

Թեքուանտօ.  47 Մարզիչներ Մասնակցեցան  Մարզիչի Յատուկ Դասընթացքի

Թեքուանտօ. 47 Մարզիչներ Մասնակցեցան Մարզիչի Յատուկ Դասընթացքի

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցաւ մարզիչի յատուկ դասընթացք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 47 մարզիչներ: Անոր հսկեցին Լիբանանի ֆետերասիոնի շարք մը փորձառու միջազգային իրաւարարները: Աւարտին, ֆետերասիոնը բարձր գնահատեց այս դասընթացքին նկատմամբ մարզիչներուն ցուցաբերած լուրջ մօտեցումը` յոյս յայտնելով, որ ապագային անոնք կը դառնան անուանի մարզիչներ:

Ըմբշամարտ.  Հայաստանի Պատանի Ըմբիշները  4 Մետալի Տիրացան Մոսկուայի Մէջ

Ըմբշամարտ. Հայաստանի Պատանի Ըմբիշները 4 Մետալի Տիրացան Մոսկուայի Մէջ

24-27 դեկտեմբերին Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ կատարուեցաւ Ս. Ծննդեան ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարք մը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստան: Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ այս մրցաշարքին հայ պատանի ըմբիշները տիրացան 4 մետալի: Արծաթէ մետալի տիրացան Սարգիս Բեգոյեան (45 քկ), Էդիկ Յարութիւնեան (51 քկ), իսկ պրոնզէ մետալակիր դարձան Զաւէն Աւետիսեան (48 քկ) եւ Անդրանիկ Աւետիսեան (55 քկ): Արշակ Կարապետեանի...

Տեղի Ունեցաւ Հայաստանի Ֆութպոլի  Ֆետերասիոնին Հերթական` 20-րդ Տարեկան Ժողովը

Տեղի Ունեցաւ Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին Հերթական` 20-րդ Տարեկան Ժողովը

Երէկ` երկուշաբթի, 28 դեկտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ ֆետերասիոնին հերթական` 20-րդ տարեկան ժողովը: Ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութեան համաձայն, օրակարգին վրայ ընդգրկուած էր 19 հարց: Ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան ներկայացուց իր հաշուետուութիւնը, որմէ ետք, գործադիր կոմիտէի անդամները քուէարկեցին նախորդ տարուան ֆինանսական հաշուետուութեան: Ապա քննարկուեցաւ նաեւ յառաջիկայ տարուան պիւտճէն: Ժողովականները նաեւ քննարկեցին ֆութպոլի վերաբերող տարբեր տեսակի հարցեր:  

Գեղարդ Մուսասի Կը Մասնակցի  «Պելաթոր»-ի Մեծ Մրցանակին

Գեղարդ Մուսասի Կը Մասնակցի «Պելաթոր»-ի Մեծ Մրցանակին

Խառն մենամարտերու` «Պելաթոր»-ի միջին քաշային կարգի ախոյեանի  տիտղոսին տիրացած Գեղարդ Մուսասի իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ «Պելաթոր»-ի ծանր քաշայիններու մեծ մրցանակին, այս մասին յայտնեց կազմակերպութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը: Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ գործող ախոյեան Վատիմ Նեմքով, Ռայըն Պէյտըր, Էնթընի Ճոնսըն, Ֆիլ Տէյվիս, Քորի Անտերսըն եւ ուրիշներ: Նշենք, որ Գեղարդ Մուսասի իր նախորդ մենամարտը կատարեց նախորդ 29 հոկտեմբերին, երբ կէտերու տարբերութեամբ...

Page 555 of 1279 1 … 554 555 556 … 1,279

Արխիւներ